ՍՈՒՐԲ ՀԱՐՈՒԹՅԱՆ ՏՈՆԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆԸ

Սուրբ Յարութեան տօնը հայկական ժողովրդական հասկացութեամբ Մեծ Զատիկն է, ան անմիջականօրէն կապուած է եղած գարնանացանի հետ․ եւ տօնի ոգեղէն իմաստը գարունը ձմեռէն զատելու ծէսն է․ հետեւաբար տօնի գլխաւոր հմայական զարդը` ածիկն էր, սովորաբար ցորենի հատիկներու, բայց նաեւ այլ արմտիքներու աճեցուած ծիլերը (sprout):


Կարդալ առցանց

ԿԱՐՏՈՖԻԼ - ՓԱԹԱԹԵՍ - ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐ

Գետնախնձորի հայրենիքը` Ամերիկեան մայր ցամաքն է, ենթադրաբար Փերուն․ դեռեւս դարեր առաջ այն յայտնաբերած, օգտագործած եւ մշակած են տեղաբնիկները: Միայն 16-րդ դարուն Սպանիոյ միջոցով անցած է Եւրոպա ու Ռուսաստան: Արեւելեան Հայաստան եկած է 19-րդ դարու սկիզբը...


Կարդալ առցանց

ՓԵՏՐՎԱՐՅԱՆ ՏՈՆԵՐՈՒ ԾԻՍԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Բարձր Հայքի խստաշունչ ու երկար ձմեռը մտահոգելով նախաբնիկները, մղած է ստեղծելու գարունը դիմաւորող շարք մը ծիսական արարողութիւններ, որոնց բոլորին նպատակն է ճանապարհել ձմեռնային եղանակը եւ խնդրելով նպաստել գարնան գալուստին:


Կարդալ առցանց

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴՅԱՆ ԱՎԱՆԴԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆԸ

Հայկական եկեղեցական տօնացոյցը (հետեւաբար տարին) կը սկսի Յիսուսի հրաշափառ Ծննդեան եւ Սուրբ Մկրտութեան տօներով․ այլ անուններով՝ Փոքր Զատիկ, Աստուածայայտնութեան օր, Ջրօրհնէք։ Հայկական տոմարին մէջ այդ օրը կը յիշատակուի նաեւ այլ նշանաւոր իրադարձութեամբ․ դեռեւս 303 թուականին, Յունուար 6-ին, Արածանի գետի ափին, Գրիգոր Լուսաւորիչ մկրտեց Տրդատ թագաւորն ու արքունականները։


Կարդալ առցանց

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՎԱՆԴԱԿԱՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՂԱՆԸ

Մանկութեանս տարիներէն միշտ կը յիշեմ գիւղի փռապան Խօշենց Յակոբ ամմոյի պատրաստած համով մեննեիշի (ծիթրոնով հաց) համը եւ ախորժալի բուրմունքը, որ կը տարածուէր փուռին շուրջ բոլորը: Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար առօրէական ուտեստ մըն է զաաթերն (ծիթրոն) ու անով պատրաստուած հացը: Ու տարածուած կարծիք մըն է, որ անիկա արաբական մշակոյթ է, քանի որ բոլոր արաբական երկիրներուն մէջ կը գործածուի. անունը՝ նոյնպէս արաբական է, համացանցն ալ նոյնը կը վկայէ, հետեւաբար բոլոր աշխարհի համար այն արաբական ծագումով ուտեստ մըն է:


Կարդալ առցանց

ՇԱՂԳԱՄՈՎ ՃԱՇԵՐ

Դեռեւս, 10րդ դարու հայ պատմագիր Թովմա Արծրունին այսպէս կը նկարագրէ սասունցիներու կեանքը. «Այստեղ քիչ խօսքով կը բացայայտեմ լերան բնակիչների որպիսութիւնը. թէ որտեղից եւ ինչպիսիք են եւ որպիսի աշխատութեամբ ու սաստիկ տառապանքներով են նրանք հայթայթում իրենց ապրուստի կարեւոր պէտքերը...


Կարդալ առցանց

ԾԱԼ - ԾԱԼԾՈՒԼ - ԹԵՐԹԱՆՈՒՇ

Ամանորի սեղանը կը յատկանշուի իր առատութեամբ, բայց նաեւ իւրօրինակ, գեղեցիկ, նրբահամ եւ աշխատատար ուտեստներու պատրաստմամբ, որովհետեւ հինէն ի վեր աւանդուած է, որ տօնական օրերու սեղանը խորհրդանշանական է եւ կ’արտայայտէ կենցաղի բարեկեցութիւնը, ինչպէս նաեւ Արարչագործութեան հանդէպ վերաբերմունք:


Կարդալ առցանց

ԲԱՆՋԱՐՈՎ ԿԼՈՐՉԻԿ

Կլորչիկ, կլոլակ, կոլոլակ, կոլոլիկ, կուլոլակ, կուլուլակ, կլուրիկ, կլուլիկ, կլոր, կլուր, կլէօր, կլտրիկ, գնդիկ, եւայլն…. կարելի է նաեւ երկարել շարքը բարբառային այս բառերու, որոնք կլոր՝ գնդաձեւ (գնդիկ) պատրաստուած կերակրատեսակներու անուանումներն են, մեր տարբեր գաւառաբարբառներով:


Կարդալ առցանց

ՄԻՋԻՆՔԻ ԹՈՓԻԿ

Միջինքը մեր եկեղեցական տօնացոյցի յիշատակելի օրերէն մէկն է, որ կʼազդարարէ պահքի կէսը: Ան կը զուգադիպի գարնան առաջին օրերուն, երբեմն նաեւ գարնանային գիշերահաւասարին՝ Մարտի 22ին: Հետեւաբար անմիջականօրէն կʼառնչուի բնութեան զարթօնքի եւ երկրագործութեան հետ:


Կարդալ առցանց

ՄԱՆՏԸՐ ՏԵՐԵՎԱՊՈՒՐ

Քանի մը տարի առաջ նամակ մը ստացայ, ամերիկաբնակ մուսալեռցի տիկին Ռոբին Գալաճեանէն, զորս մասնագիտութեամբ խոհարար է եւ հեղինակն է www.thearmeniankitchen.com կայքէջին, ուր կը հարցընէր անսովոր ճաշատեսակի մը մասին, որ իրեն ղրկած էր անգլիախօս, 2 րդ սերունդի  ամերիկաբնակ հայ կին մը, յիշելով իր մեծ մօր պատրաստած ապուրը:


Կարդալ առցանց

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴՅԱՆ ԱՎԱՆԴՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Սովորաբար բոլոր հայկական շրջաններու մէջ, Յունուար 5-ի երեկոյան ժողովուրդը կը հաւաքուի եկեղեցւոյ մէջ, Ճրագալոյծի պատարագով միասնաբար ոգեկոչելու Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տարեդարձը: Աւանդութեան համաձայն, պահքի շրջան է եւ այդ օր պահքը կը լուծարուի եւ հաւատացեալները կը ստանան Սուրբ Հաղորդութիւն:


Կարդալ առցանց

ՏԵՐԵՎՋՈՒՐ

Բազմաթիւ են այն ճաշատեսակները, որոնք իրենց մատուցմամբ շատ ինքնատիպ են: Թէեւ կը թուի, որ մեր աւանդական խոհանոցը առհասարակ պարզ է, սովորական, համեստ մթերքներով եւ դիւրին պատրաստուող, սակայն շատ յաճախ այնպիսի հետաքրքիր ու անսովոր համադրութեամբ ուտեստներ ունինք, որոնք խիստ իւրայատուկ եւ զարմանահրաշ կը դարձնեն մեր խոհանոցային մշակոյթը, եւ որոնք հայ կնոջ ստեղծագործական շնորհքին արգասիքն են:


Կարդալ առցանց

ՊՈՒՐՍԱՅԻ ԽՈՐՈՎԱԾ

Հայաստանի խորովածը միշտ ալ համեղ եւ հրապուրիչ եղած է. առաջին հերթին, այն պատճառով որ մթերքը (միսն ու բանջարեղէնը) բնական աճեցուած է, ապա նաեւ հայերը կը սիրեն «կրակի հետ խաղալ», խորոված պատրաստել եւ մատուցել:


Կարդալ առցանց

ՄՈՇՈՎ ԼՈԲԻ

Լուբիան կամ լոբին հին ժամանակներէն հայկական խոհանոցային մշակոյթին մէջ առկայ է: Դեռեւս 5րդ դարու հայ պատմիչ Ագաթանգեղոսը կը յիշատակէ լուբիայի աճեցման մասին՝ ի թիւս այլ բանջարեղէններու եւ հատիկեղէններու: Պատմական Հայաստանի բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ մինչեւ այսօր կը շարունակուի կանաչ եւ հատիկ լուբիայի օգտագործումը...


Կարդալ առցանց

ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՇՈՐՊԱ

Հինէն ի վեր մեր վանքերուն մէջ կʼապրին վանականներըˋ գլխաւորաբար հոգեւոր հայրերն ու աշակերտները, տարբեր աստիճանի հասած եկեղեցականներ, կողք – կողքի, իւրաքանչիւրը գիտակ իր պատասխանատւութեանց:


Կարդալ առցանց

ՊԱՆԻՐՈՎ ՍԸԽԸՄ

Մեր աւանդական խոհանոցին մէջ բազմաթիւ են կոլոլակ - կլորչիկ - կլուլիկ - կլուրներու տարբերակները, այլազան մթերքներով, չափերով եւ ձեւերով: Այս ընդհանուր անուանումին տակ կարելի է տեսնել նաեւ բրդուճներու մեծ տեսականին. «բրդուճ» բառը յառաջացած է ՙբրդել՚ բայէն, զորս կը նշանակէ «պատառ-պատառ կտրել հացը»:
Բարբառներուն մէջ յաճախ կʼարտասանուի բրթել, բրտել, եւայլն…:
Բրդուճ բառը այլ իմաստներով կը գործածուի հացին մէջ ինչ որ մթերք փաթթուած...


Կարդալ առցանց

ԹԱԹԽԱՆ

Մանկութեանս տարիներէն միշտ կը յիշեմ գիւղի փռապան Խօշենց Յակոբ ամմոյի պատրաստած համով մեննեիշի (ծիթրոնով հաց) համը եւ ախորժալի բուրմունքը, որ կը տարածուէր փուռին շուրջ բոլորը: Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար առօրէական ուտեստ մըն է զաաթերն (ծիթրոն) ու անով պատրաստուած հացը: Ու տարածուած կարծիք մըն է, որ անիկա արաբական մշակոյթ է, քանի որ բոլոր արաբական երկիրներուն մէջ կը գործածուի. անունը՝ նոյնպէս արաբական է, համացանցն ալ նոյնը կը վկայէ, հետեւաբար բոլոր աշխարհի համար այն արաբական ծագումով ուտեստ մըն է:


Կարդալ առցանց

ԿՆՈՒՆՔԻ ԾԻՍԱԿԱՐԳԸ - ՀԱՍԱ

Հայկական հին սովորութեան համաձայն, նորածինի ծնուելէն մէկ շաբաթ կամ քառասուն օր անց մանուկը կը տարուի եկեղեցի մկրտուելու կամ կնքուելու, այսպիսով ան կը դառնայ Հայ Առաքելական եկեղեցու զաւակ:


Կարդալ առցանց

ՏՈՄԱԼԱՆ/ ԳԵՏՆԱՍՈՒՆԿ

Պատմական Ուրֆա քաղաքը թէեւ կը գտնուի Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու միջեւ, սակայն մէկ կողմէն շրջապատուած է անապատային բլուրներով, իսկ միւս կողմէն՝ արգասաբեր եւ ջրառատ դաշտերով: Ուրֆան (կամ Ուռհա, Եդեսիա)- եղած է պատմական կարեւոր կեդրոն մը, իսկ մեզի համար ան Աբգար առաջին քրիստոնեայ թագաւորի մայրաքաղաքն է:


Կարդալ առցանց

ԱՎԱԳ ՀՕՆԳՇԱԲԹԻ

Հինգշաբթի գիշեր ընթրիքէն յետոյ, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ գնաց Գեթսեմանի այգի. գիտէր, որ պիտի աւարտուէր իր երկրային կեանքը, հետեւաբար մինչ ինք կʼաղօթէր, աշակերտներուն յորդորեց.  «Արթուն կացէք եւ աղօթեցէք, որպէսզի փորձութեան մէջ չմտնէք. հոգին յօժար է, բայց մարմինը` տկար», ու ինք գնաց աղօթելու: Սակայն վերադարձին քնացած գտաւ անոնց…


Կարդալ առցանց

ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՈՆԱԾԻՍԱԿԱՆ ՈՒՏԵՍՏՆԵՐ

Սուրբ Սարգիսը եղած է հայոց պատմութեան մէջ առաջին քրիստոնեայ զօրավարներէն, որ նահատակուած է պայքարելով յանուն նոր կրօնքի: Ժողովուրդը սրբացուցած է Զայն եւ դարերու ընթացքին Ան դարձած է ամենէն սիրելի սուրբը՝ փոխարինելով Արա Գեղեցիկի կերպարը հայկական ժողովրդական պատկերացումներուն մէջ:


Կարդալ առցանց

ՄԱՆԱՆԱ

Մա­նա­նայ, անգլերէնովˋ "Manna": Առեղծուածային ուտելիք, որ բնութիւնը շռայլած է մարդկանց:


Կարդալ առցանց

ԱՎԵԼՈՒԿ

Լատինական (գիտական) անուանումըˋ rumex է, յաճախ նաեւ sorrel անունով ծանօթ է։ Իսկ հայերէնի հոմանիշներն ենˋ լապատ, ղափատին կամ լապատան (lapathum բա­ռէն), մզուկ (չոր աւելուկ), թրթնջուկ, թթռինչ, սիլխ եւ ածվոցˋ Ալիշանի յիշատակմամբ, իսկ բարբառայինˋ վլուկ, ավլուկ, էվիլակ եւ այլն:


Կարդալ առցանց

ԹԱՆ ՈՒ ԹԱՑԱՆ

Թան ու թացան ընդհանուր անուն մըն է, որ կը տրուի կաթնամթերքին․ բառը յառաջացած է ցամաք հացը անոնցմով թացացնելու գաղափարէն: Յաճախ նաեւ թացանեղէն կը կոչուի, այստեղէն ալ եկած է թացանտուն բառըˋ տան այն մասը, ուր կը պատրաստուի կաթնամթերքը:


Կարդալ առցանց

ԱՊՈՒՐ - ՇՈՐՎԱ

Ապուրը շատ սիրուած առօրեական ուտեստ է մեր խոհանոցին մէջ տարուան բոլոր եղանակներուն ալ․ կան բազմաթիւ ապուրներու տեսակներ՝ եւ մսային եւ բանջարեղէնային եւ արմտիքային․ կան ապուրներ (խաշ, խաշու), որոնք կը ճաշակեն հացը մէջը բրդելով, յաճախ նաեւ պաղ մատուցուող ապուրներ ունինք:


Կարդալ առցանց

ՉԻՔ ԲՐԴՈՒՃ

«Բրդուճ» բառը բարբառային է, կը նշանակէ պատառ, սակայն տարբեր բարբառներու մէջ կʼօգտագործուի իմաստային տարբեր նրբերանգներով. Այսպէս՝ բրդել = հացը պատառի վերածել, կտրտել. բրդճել = կերակուրը մատներով ուտել. բրդուճել = հացի մէջ պատառ մը բան դնել...


Կարդալ առցանց

ԹՈՒԹ ԵՎ ԹԹԱՉԻՐ

Դեռեւս 5րդ դարու հայ պատմիչները կը յիշատակեն թթենիի առկայութիւնը Հայաստանի մէջ․ «թութ» բառի արմատըˋ պարսկերէն կամ արամերէն լեզուէն կու գայ: Ամբողջ պատմական Հայաստանի մէջ թութը լայն տարածում ունի մեր խոհանոցին ու կենցաղին մէջ...


Կարդալ առցանց

ԿԱՐԱՎԱՆԱՏՈՒՆ ԵՎ ՄԵՅԽԱՆԱ ՓԼԱՎ

«Մետաքսի Ճանապարհ» ըսելով պիտի պատկերացնել Արեւելք-Արեւմուտք, Հիւսիս-Հարաւ աշխարհները իրար կապող հսկայական տարածք մը, ուրկէ անցած են տարբեր մշակոյթներու անթիւ բանակներ, կարաւաններ․․․․


Կարդալ առցանց

ՔԱՂՑՐԱՀԱՄ ԲՆԱՄԹԵՐՔՆԵՐ

Հայկական աւանդական խոհանոցին ամէնէն հետաքրքրական իւրայատուկութիւններէն մէկն ալ ներդաշնակ միախառնութիւնն է տարբեր համե­րու` աղի, քաղցր, թթու, տտիպ, դառը, կծու․․․․: Հայրենի բնութիւնը հարուստ շտեմարան է տարատեսակ բնամթերքներու: Բնական քաղցրահամ ուտեստները ե՛ւ դեղամիջոց կը հանդիսանան ե՛ւ առօրեայ ու­տեստ:


Կարդալ առցանց

ՍՄԲՈՒԿ - ԲԱԴՐԻՋԱՆ

Գրական հայերէնի մէջ «սմբուկ», իսկ բարբառային` պատընճան, բադրիջան (Թիֆլիս), բանդնջօն, վատրճան, վարճան, բադըմճան, փաթլիճան (Պոլիս), բադումջան (Արցախ), պօրընջան (Երեւան), պատիճան (Մուշ) եւ այլն․․․


Կարդալ առցանց

ՏՈԼՄԱԽԱՇՈՒ ԵՎ ՄԱՏԱՊՈՒՐ

Բախտաւորութիւն է խաղողի որթատունկ ունենալ տան մօտ. սարփինայի տերեւները գարնան վերջը արդէն իսկ կը փարթամանան եւ կը գեղազարդեն ամբողջ բակը` հաճելի ստուեր պարգեւելով ամրան տապին. ճնճղուկները կը ոստոստեն ճիւղերուն վրայ եւ խաղողին հասնելէն ետք կը վայելեն անոր հատիկները: Հայերը ուր ալ երթան, իրենց հետ կը տանին խաղողի մատ մը եւ կը տնկեն որթատունկ. այդպսով հայկական խաղողի տեսակները տարածուած են եւ կը շարունակուին տարածուիլ ամբողջ աշխարհով:


Կարդալ առցանց

ԿԱՆԿԱՌ - ԱՐՏԻՃՈՒԿ

«Մարտի տասը, կանկառ պասը» առածով ժողովրդական առածը կը յուշէ, որ Մարտի տասին արդէն իսկ դաշտերուն մէջ աճած է կանկառը եւ այն կարելի է օգտագործել: Դե­ռեւս հին ժամանակներէն Հայաստանի ամբողջ տարածքին յայտնի փշածաղիկ է եղած եւ օգտագործուած` բժշկութեան մէջ եւս. այդ մասին կարելի է իմանալ Ամիրտոլվաթ Ամասիացիի բժշկական գրքերէն:


Կարդալ առցանց